Ազատ տեղաշարժի սահամանփակումը պիտի հանուի մայիս 4-էն. Հանրային փոխադրակառքերը պիտի չաշխատին

Հայաստանի մէջ մարդոց ազատ տեղաշարժի սահմանափակումները պիտի հանուին 4 մայիսէն, հանրային փոխադրութեան արգելքը պիտի պահպանուի: Ասուլիսի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ տնտեսութեան փոխնախարար Վարոս Սիմոնեանը՝ ներկայացնելով այն նոր փոփոխութիւններու փաթեթը, որն ուժի մէջ պիտի մտնէ 4 մայիսէն:
«Մասնաւորապէս պիտի հանուին ազատ տեղաշարժի սահմանափակումները, այսինքն՝ բոլոր քաղաքացիները Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին իրաւունք պիտի ունենան ազատ տեղաշարժելու: Միեւնոյն ժամանակ պիտի պահպանուի հանրային փոխադրութեան արգելքը: Այն պիտի մնայ այն պատճառով, որ կան որոշակի ռիսքային մօտեցումներ՝ համավարակի տարածման վերաբերեալ»,-ըսած է Սիմոնեանը:
Այդ փաթեթով գրեթէ բոլոր սահմանափակումները պիտի հանուին, պիտի մնան որոշ սահմանափակումներ՝ տնտեսական գործունէութեան տեսակներու վերաբերեալ: Մասնաւորապէս այդ սահմանափակումները պիտի վերաբերին մանրածախ եւ մեծածախ առեւտուրին: Գրեթէ պիտի չըլլան սահմանափակումներ մանրածախ եւ մեծածախ առեւտուրի մէջ, միայն պիտի պահպանուի սահմանափակումը առեւտուրի իրականացման վայրերուն մէջ: Այսինքն՝ մոլերը, հանրախանութները փակ պիտի ըլլան: Միայն անոնց տարածքին գործող սնունդի, պարենային խանութները, դեղատուները, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսական արտադրատեսակներու շուկաները պիտի գործեն:
Պիտի բացուի մշակող արդիւնաբերութիւնը՝ բոլոր գործունէութեան տեսակներով: Պիտի գործեն այն ճաշարանները, սրճարանները, պարերը, որոնք ունին բացօթեայ տարածք: Բուսաբանական եւ կենդանաբանական այգիները եւ բնութեան յատուկ պահպանուող տարածքները նոյնպէս պիտի բացուին, արգելոցներու գործունէութիւնը նոյնպէս պիտի թոյլատրուի:
Մարզական կառոյցներու գործունէութիւնը պիտի թոյլատրուի՝ բացառապէս մասնագէտ մարզիկներու մասնակցութեամբ՝ մարզական միջոցառումներու իրականացման համար, ինչպէս նաեւ մարզական ակումբներու գործունէութիւնը: Անհատական ծառայութիւնները, որոնց շարքին են լուացման, մաքրման եւ չոր մաքրման ծառայութիւնները, վարսաւիրանոցները եւ գեղեցկութեան սրահներու գործունէութիւնը նոյնպէս պիտի թոյլատրուի 4 մայիսէն: