ԱԳՆ-ն կը հերքէ. «Հայկական մարդասիրական խումբը Հալէպէն հեռացնելու պահանջ չէ ներկայացուած»

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեանը հերքած է այն տեղեկատուութիւնը, ըստ որի ԱՄՆ կառավարութիւնը ՀՀ իշխանութիւններու առջեւ պահանջ դրած է՝ հանել մարդասիրական առաքելութիւնը Սուրիայէն:
Խնդրին Նաղդալեանը անդրադարձած է Aysor.am-ի հարցումին ի պատասխան:
«Մենք արդէն բազմիցս հերքեր ենք այդ տեղեկատուութիւնը: Ներկայիս փորձ կը կատարուի պետական կառոյցի կողմէ արդէն իսկ հերքուած տեղեկատւութիւնը վերստին շրջանառել նոր մտացածին մանրամասներով, որոնք նոյնպէս չեն համապատասխաներ իրականութեան՝ այդպիսով ձեւաւորելով քանի մը շերտէ բաղկացած կեղծ լուր:
Սուրիոյ հայ համայնքի անվտանգութեան եւ վերջինիս տրամադրուող աջակցութեանն առնչուող հարցերու անհիմն շահարկումը նեղ անձնական շահերէ ելլելով կը համարենք անընդունելի: Թեմայէն դուրս, պարզապէս յաւելեմ, որ անվտանգութեան ոլորտին մէջ աշխատող գերատեսչութիւնները եւ անոնց ղեկավարները մշտական խորհրդակցութեան մէջ են տարբեր հարցերու շուրջ, ինչի մասին բազմիցս նշուած է նաեւ այդ գերատեսչութիւններու ղեկավարներու կողմէն»,- նշած է Նաղդալեանը: