ԱԱԾ-ն ձերբակալած է ահաբեկչութեան մէջ մեղադրուող Հնդկաստանի 2 քաղաքացի երկու մեղադրեալներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը յանցաւորութեան եւ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ուղղուած իր աշխատանքներու ծիրէն ներս յայտնաբերած է ահաբեկչութեան կատարման համար հետախուզման մէջ գտնուող Հնդկաստանի 2 քաղաքացիներ։
Մասնաւորապէս, 8 օգոստոս 2019-ին նշուած անձերը Իսթանպուլ-Երեւան չուերթով ժամանած են Երեւան: Նոյն օրը՝ Ինտերպոլի միջազգային հետախուզման յայտը ստանալէն ժամեր անց, ՀՀ ԱԱԾ աշխատակիցներու կողմէն ձեռնարկուած հետախուզական միջոցառումներու արդիւնքով Հնդկաստանի վերոնշեալ քաղաքացիներէն մէկը յայտնաբերուած է եւ ձերբակալուած: Յստակեցուած է, որ վերջինս շարք մը ծանր յանցագործութիւններ (ատոնց շարքին ` ահաբեկչութիւն, սպանութիւններ) կատարելու համար կը մեղադրուի Հնդկաստանի քրէական օրէնսգրքի տարբեր յօդուածներով: Իր ուղեկիցը, որ Հնդկաստանի իրաւապահ մարմիններու կողմէ նոյնպէս կը հետախուզուի ահաբեկչութեան, սպանութեան եւ այլ յանցագործութիւններու կատարման համար, 14 օգոստոսին եւս յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած է Բագրատաշէնի սահմանային անցակետը անցնելու փորձ ընելու ժամանակ:
Հնդկաստանի երկու քաղաքացիները կալանաւորուած են: