«Քորոնա» ժահրով վարակուած ՀՀ քաղաքացին ու քարանթինի մէջ գտնուողները պիտի անցնին կրկնակի քննութիւն

Կոտայքի մարզի Ծաղկաձոր քաղաքի «Կոլտըն Փալաս» հիւրանոցին մէջ քարանթինի մեջ գտնուող քաղաքացիներու առողջական վիճակը լաւ է, գանգատներ չունին: «Արմէնբրես»-ի հարցմանն ի պատասխան այս մասին նշած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Ալինա Նիկողոսեանը:
«Ջերմութիւն չունին եւ այս ընթացքին ալ չեն ունեցած: Իրենց լաւ կը զգան: «Քորոնա» ժահրով վարակուած քաղաքացին նոյնպէս իրեն լաւ կը զգայ, ջերմութիւն ունեցած է միայն սկիզբը, ներկայիս խնդիրներ չկան, հետեւաբար բուժում ալ չի ստանար: Կը նախատեսուի իրականացնել կրկնակի քննութիւն: Այսինքն, քննութեան բացասական պատասխանի պարագային եւս մէկ քննիւթիւն կը կատարուի: Եթէ բոլորին մօտ քննութեան արդիւնքները բացասական ըլլան, ապա ե՛ւ քարանթինի մէջ գտնուողները, ե՛ւ հիւանդը դուրս կը գրուին»,-ըսած է Ալինա Նիկողոսեանը: