«Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը հասաւ 921-ի

2020-04-09
Image

Հայաստանի մէջ 9 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ նոր «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 40 նոր դէպք գրանցուած է: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու եւ վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնը:

Յիշեցնենք, որ երէկ հաղորդուած տուեալներու համաձայն՝ գրանցուած էր «Քորոնա» ժահրի 881 դէպք:

Ընդհանուր առմամբ՝ 9 ապրիլին հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի 921 դէպք:

Բացասական արդիւնք արձանագրուած է 4902 (վերջին մէկ օրուն մէջ՝ 331) քննութեան պարագային: Փաստացի այս պահուն կը բուժուի 773 անձ:

Վերջին տուեալներով ապաքինուած է 138 անձ (վերջին մէկ օրուան մէջ՝ 24 մարդ), 10 հիւանդ մահացած է: