«Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 2507-ի

Հայաստանի մէջ, 4 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 2507 դէպք, որոնցմէ 1071-ը` առողջացած:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 1393 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 24 942 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 121 նոր դէպք եւ 36 առողջացած։
Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 39 (աւելցած է եւս 4-ով) դէպք:
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն մահացած հիւանդները եղած են 71 (կին), 83 (տղամարդ), 66 (տղամարդ) եւ 79 (տղամարդ) տարեկան եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։