«Քորոնա» ժահրով ախտորոշուած իտալացին վերջին մէկ շաբաթը աշխատած է «Թումօ»–ի շէնքին մէջ

2020-03-12
Image

Հայաստանի մէջ նախօրէին «քորոնա» ժահրով ախտորոշուած՝ Իտալիոյ քաղաքացին վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ մասնակցած է ընկերութիւններէն մէկուն գրասենեակի շինարարական աշխատանքներուն։ Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած է կեդրոնի հաղորդակցութեան բաժնի ղեկավար Զառա Բուդաղեանը:

«Ան ունեցած է սահմանափակ մուտք Թումոյի շէնքի վեցերորդ յարկ, ուր տեղի ունեցած են շինարարական աշխատանքները։ Ան մտած է ներս աշխատանքային մուտքէն, ունեցած է սահմանափակ շփում միայն շինարարական խումբի հետ, շփում չէ ունեցած ոչ մեր վարձակալ գործընկերներու, ոչ մեր անձնակազմի, ոչ երեխաներու հետ»,– ըսած է ան։

Զառա Բուդաղեանը նշած է, որ ամէն օր կ'ախտահանեն շէնքի տարածքը։

Վերջին պաշտօնական տուըալով Հայաստանի մէջ կայ 4 վարակուած, 88 մարդ մեկուսացուած է։