«Քորոնա» ժահրի տնտեսական վնասները մեծ պիտի ըլլան Հայաստանի մէջ. Նախարար

2020-04-06
Image

Դեռ վաղ է գնահատական տալ, թէ այս տարի Հայաստանի տնտեսութիւնն ինչ վնասներ պիտի կրէ, բայց բնական է, որ կորուստները պիտի ըլլան էական։ Այս մասին կառավարութենէն ներս հրաւիրուած ասուլիսի ժամանակ ըսած է տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեանը։ Ան նշած է, որ այս իրավիճակին մէջ բոլորս պէտք է մտահոգուած ըլլանք այն բանով, որ որքան հնարաւոր է քիչ առողջական վնասներ կրէ հանրութիւնը։ «Ցաւօք, 2020-ն այն տարին է, որ մենք պէտք է զգոյշ լինենք, որ քիչ տնտեսական վնասներ ունենանք, բայց պէտք է նաեւ ընդունենք այն միտքը, որ առանց էական կորուստների չի լինելու»,- նշած է ան։

Տիգրան Խաչատրեանն անդրադարձած է հարցին, թէ կան արդեօք հաշուարկներ՝ Մարտ ամսուն ՀՀ տնտեսութիւնն արդէն ինչքա՞ն վնաս կրած է։

«Մարտ ամսուայ վերաբերեալ մենք ունենք որոշակի ցուցանիշներ, հարցում ենք կատարել մասնաւոր հատուածի յատկապէս այն կազմակերպութիւնների շրջանում, որոնք արդէն մարտի կէսից կամ աւելի շուտ տարբեր գործօնների ազդեցութեամբ սահմանափակել են իրենց տնտեսական գործունէութեան ծաւալները։ Դրանք թուով աւելի քան 1200 ընկերութիւններ են, որոնք մասնակցել են այդ հարցմանը։ Զգալի են այն ծաւալները, որոնք կրճատուել են։ Տարույ համար դեռեւս շուտ է գնահատականներ տալու համար, որովհետեւ կախուած է այն հանգամանքից, թէ մենք որքանով արագ կարող ենք կառավարելի դարձնել «Քորոնա» ժահրի տարածման հետ կապուած երեւոյթները կամ որքանով արագ կը կարողանանք ազատականացնել գործունէութեան այն տեսակները, որոնք ներկայում սահմանափակուած են։ Մենք կարծում ենք, որ այդ պահից սկսած, երբ արդէն հանրութեան համաձայնութեամբ կը գանք այն եզրակացութեան, որ կարող ենք աստիճանաբար հնարաւորութիւն ստեղծել, որ կազմակերպութիւնները վերադառնան իրենց բնականոն կեանք, իրավիճակը կը շտկուի»,- ըսած է ան։