«Քորոնա» ժահրի հետեւանքով 444 հոգի կը գտնուի ծանր վիճակի մէջ, 131 հոգի՝ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ. նախարար

2020-06-18
Image

Մենք ապացուցեր ենք, որ փողոցը դիմակ կրելը կը պաշտպանէ, կառավարութեան այսօրուան նիստին յայտարարեց Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը։

«Երբ որ մենք կը նայինք զրուցարանուն մէջ նստած մեր տարեց քաղաքացիներու նարտի խաղալուն, միայն դիմակն է, որ իրենց պիտի պաշտպանէ, այս պարզ գիտակցման մինչեւ չհասնինք, պիտի չկարենանք դիմակայել այս մարտահրաւէրին», - ըսած է ան։

Թորոսեանի խօսքով՝ այսօր առաւօտեան 09։00-ի դրութեամբ ունինք 143 հոգի, որ կարիք ունի հիւանդանոց տեղափոխուելու, որմէ 25-ը կը գտնուի տունը։

«Ինը թեթեւ ծանրութեան է, 16-ը միջին ծանրութեան է», -ըսած է նախարարը։

Ան նշած է, որ 444 հոգի կը գտնուի ծանր վիճակի մէջ, իսկ 131 հոգի՝ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ, որմէ 39-ը՝ թոքերու արհեստական օդափոխութեան սարքերու վրայ։