«Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին Վրաստանը պատրաստ է օգնել Հայաստանին

«Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին Վրաստանը պատրաստ է օգնել Հայաստանին, ըսուած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ, կը փոխանցէ Sputnik Georgia-ն:
«Համավարակի ընթացքին Վրաստանի իշխանութիւնները սերտ կապի մէջ են հայկական կողմի հետ: Քանի մը օր առաջ հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է երկու երկիրներու վարչապետներու միջեւ: Շփումը կը շարունակուի նաեւ նախարարներու մակարդակով։
Այսօր Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Զալկալիանին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ Վրաստանի անունով անգամ մը եւս պատրաստակամութիւն յայտնած է օգնութիւն ցուցաբերել Հայաստանին «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին»,- ըսուած է Վրաստանի ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ: