«Քորոնա»ով վարակուած քաղաքացին Արցախէն փոխադրուած է Երեւան

2020-04-08
Image

«Քորոնա» ժահրով վարակուած Արցախի բնակիչին տեղափոխած են Երեւան։ Այս մասին 7 ապրիլին մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Արցախի առողջապահութեան նախարար Արայիկ Բաղիրեանը։

Անոր խօսքերով՝ այդպիսի որոշում կայացուած է Հայաստանէն գործընկերներու հետ խորհրդակցութեան հետեւանքով, քանի որ քաղաքացին կը գտնուի վտանգի գօտիի մէջ, հաշուի առնելով այն, որ ան 60 տարեկան է։ «Որեւէ բողոք կամ ախտանիշ ան չունի»,- աւելցուցած է նախարարը։

Նշենք, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած քաղաքացին Արտաշատէն ժամանած է Արցախ։