«Քորոնա»ի տագնապ. Էջմիածինի ճանապարհներուն մեծ մասը փակուեցաւ

Այս պահու դրութեամբ ունինք «քորոնա» ժահրով ախտորոշման 28 դէպք, որոնցմէ 18-ն Էջմիածնի նշանտուքի դէպքի հետ կապուած են, առաջին 28 հիւանդներէն որեւէ մէկուն կեանքին վտանգ չի սպառնար, միայն Էջմիածնի 2 պարագան է, որ թոքաբորբ ունին, միւսները ուղղակի ջերմութիւն ունին կամ նոյնիսկ՝ չունին, իսկ առաջին հիւանդը դուրս գրուած է: Այս մասին ֆեյսպուքեան ուղիղ եթերի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
Փաշինեանը տեղեկացուցած է, որ Էջմիածնի 27 ճանապարհներէն ժամը 23:00-ի դրութեամբ բաց պիտի ըլլան միայն 3 ճանապարհ: «Այդ բաց ճանապարհներու պարագային ալ պայմանը պիտի ըլլայ հետեւեալը՝ տեղւոյն վրայ արագ ջերմաչափում կ'իրականացուի, անոնք որոնք ջերմութիւն կ'ունենան՝ կ'ինքնամեկուսացուին»,- ըսած է ան:
Վարչապետը նշած է, որ վիճակը վերահսկելի է:
Ինչ կը վերաբերի վարչապետի ընտանիքի ինքնամեկուսացման, ան ըսած է. «Մեր ընտանիքը մինչեւ հիմա կը գտնուի Սեւան, Պրազիլէն եկող լուրերն էին մեր մեկուսացման առաջին շարժառիթը, սակայն շաբաթ օր ստացանք բացասական դէպք, բայց այսօր «քորոնա» ժահրի նոր արձանգրուած Մեղրիի դէպքի հետ կապուած ըսեմ՝ Մեղրիէն Երեւան գալու ճանապարհին այդ քաղաքացիի հետ շփում ունեցած եմ: Մէկ ժամ առաջ նոր քննութիւն յանձնած եմ, կէսգիշերն անց պատասխանը կը ստանամ, եթէ դրական ըլլայ, իմ ընտանիքը կը շարունակէ մեկուսանալ, եթէ ոչ՝ վաղն առաւօտեան կը վերադառնամ Երեւան, կ'աշխատիմ կառաարութեան շէնքէբ՝ իմ աշխատասենեակէն»,- ըսած է ան: