«Պետական համակարգին մէջ ծրարով աշխատավարձ ստացողներ չկան եւ պիտի չըլլան». Նիկոլ Փաշինեան

2020-03-05
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համոզուած է, որ պետական համակարգին մէջ ներկայիս, ծրարով աշխատավարձ ստանալու դէպքեր չկան եւ պէտք չէ ըլլան: Վարչապետը կոչ կ'ուղղէ նման բան նկատելու պարագային անպայման յայտնել:  Փաշինեան այս մասին վստահեցուցած է Ազգային Ժողովին մէջ, կառավարութեան անդամներու հետ հարց ու պատասխանի ժամանակ, պատասխանելով Լուսաւոր Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւոր Մանէ Թանդիլեանի հարցումին:

Վարչապետը  մասնաւորապէս ըսած է ՝ «Ինչ կը վերաբերի այսօրուան կառավարութեան անդամներուն, ես նախարարները հարցաքննելու սովորութիւն չունիմ եւ ցանկութիւն ալ չունեմ: Եւ, երբ ի վերջոյ իրաւապահ մարմինները այնքան արդիւնաւէտ կ'ըլլան, որ կը հասցնեն իմ բոլոր յայտարարութիւններով զբաղուիլ, կը կարծեմ, որ այդ կը նշանակէ, որ մենք համակարգային լուրջ յաջողութիւններու  հասած ենք»,-ըսաւ վարչապետը ու շեշտեց, որ յանձնարարելու կարիք չկայ, որ իրաւապահ մարմինները պէտք է այդ գործով զբաղին:

Ան նկատեց, որ նման գործընթաց կրնայ տեղի ունենալ երկու մարդու միջեւ, եւ այդ գործընթացներու բացայայտման հետ կապուած ամէն ինչ չէ, որ հեշտ է: «Յամենայնդէպս այն պահին, երբ ես նման յայտարարութիւնն ըրեր եմ եւ անկէ ալ շատ առաջ, այդ երեւոյթն արդէն իսկ դադարեցուած եղած է, բացառուած է նման երեւոյթի գոյութիւնը: Եւ եթէ յանկարծ այդպիսի տեղեկութիւններ ունենաք, կը խնդրեմ անպայման յայտնէք այդ մասին: Այդպիսի բան չկայ եւ պէտք չէ ըլլայ»,-վստահեցուց Փաշինեանը: