«Որոշեցի ձեռնպահ մնալ Մոսկուա կատարելիք իմ այցէն, համաճարակային իրավիճակը թոյլ չի տար». ՀՀ վարչապետի նամակը՝ Վլատիմիր Փութինին

2020-06-19
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նամակ յղած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին, կը յայտնեն կառավարութեան լրատուական ծառայութենէն: Նամակին մէջ ըսուած է.

«Յարգելի պարոն նախագահ,

Ափսոսանքով պէտք է յայտնեմ Ձեզի, որ պիտի չկարողանամ մասնակցիլ Հայրենական Մեծ պատերազմի 75-րդ տարեդարձին նուիրուած միջոցառումներուն: Ինչպէս գիտէք, ես մեծ սիրով ընդունած էի հանդիսաւոր արարողութիւններուն մասնակցելու Ձեր հրաւէրը: Սակայն, ինչպէս յետագային պարզ դարձաւ, գոյութիւն ունեցող համաճարակային իրավիճակը թոյլ չի տար զիս իրականացնել այդ ուղտեւորութիւնը: Ասկէ ելլելով՝ ես որոշեցի ձեռնպահ մնալ Մոսկուա կատարելիք իմ այցէն, ինչը, ինչպէս տեղեակ էք, մանրամասն քննարկուած եւ համաձայնեցուած է մեր աշխատակազմերու միջեւ:   
 
Ինծի համար մեծ պատիւ կ'ըլլար ներկայ գտնուիլը յոբելեանական շքերթին: Վստահ եմ՝ մեր երկիրներու միլիոնաւոր քաղաքացիներ պիտի հետեւին այդ հանդիսաւոր միջոցառման՝ մտովի երթալով հեռաւոր 1945 թուականը, երբ մեր պապերը հպարտ քայլով կ'անցնէին Կարմիր Հրապարակով: Յաղթանակը Հայրենական Մեծ պատերազմին մեր ընդհանուր ժառանգութիւնն է: Յիշողութիւնն այդ մասին կը միաւորէ մեր ժողովուրդները եւ անսասան հիմք կը ստեղծէ ապագայ սերունդներուն բարեկամութեան համար:   

Կ'ակնկալեմ մեր մօտալուտ հանդիպումը, որ հնարաւորութիւն կու տայ քննարկելու մեր երկիրներու միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու օրակարգի հարցերը:

Ընդունեցէք, պարոն նախագահ, քաջառողջութեան եւ Ձեր գործունէութեան մէջ յաջողութիւններու իմ լաւագոյն մաղթանքները»: