«Նուպարաշէն» քրէակատարողական հիմնարկի նախկին պետը ձերբակալուած է

2020-08-31
Image

«Նուպարաշէն» քրէակատարողական հիմնարկի նախկին պետ Սամուէլ Մկրտչեանը ձերբակալուած է: Այս տեղեկութիւնը «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ հաստատած է ՅՔԾ մամուլի քարտուղար Մարինա Օհանջանեանը` աւելցնելով, որ աւելի ուշ լրացուցիչ տեղեկութիւն պիտի տրամադրեն։

Աւելի վաղ, Սամուէլ Մկրտչեանի շահերու ներկայացուցիչ փաստաբան Վահան Յովհաննիսեանը յայտնած էր, որ Սամուէլ Մկրտչեանը ձերբակալուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 308-րդ (պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելը) եւ 38-314-րդ (պաշտօնէական կեղծիքին յանցակից ըլլալ) յօդուածներու կասկածանքով` նշելով, որ ձերբակալման հիմքերը եւ նպատակը կը բացակային։

Սամուէլ Մկրտչեանը շուրջ երկու ամիս է ազատուած է ՔԿՀ-ի պետի պաշտօնէն։