«Յարձակման դիմագրաւում» խորագրով զօրավարժութիւններ կը կայացուին (Լուսանկարներ)

ՀՀ Պաշտպանութեան բանակին մէջ, 24 Սեպտեմբերի վաղ առաւօտէն մեկնարկած են «Զինուած ուժերու ծաւալումը, հակառակորդի յարձակման դիմագրաւումը» թեմայով ռազմավարական զօրավարժութիւնները: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, թէ զօրախաղերու այս փուլին պաշտպանութեան բանակի զօրամասերը տագնապով բերուած են մարտական պատրաստակամութեան «ԼՐԻՒ» աստիճանի, սկսած են բացազատման շրջաններու զբաղեցման, հրամանատարական եւ ղեկավարման կէտերու ծաւալման ու կահաւորման գործընթացները: