«Միասին յաղթահարենք համաճարակը» դրամահաւաքի ծիրէն ներս հաւաքած է 360,000 ԱՄՆ տոլար

2020-06-03
Image

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը «Միասին յաղթահարենք համաճարակը» դրամահաւաք արշաւի ծիրէն ներս, այս պահուն, հաւաքած է շուրջ 360,000 ԱՄՆ տոլար գումար, որմէ 230 հազարը արդէն ուղղուած է համաճարակի դէմ պայքարին։ Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է հիմնադրամի ղեկավար՝ Հայկակ Արշամեանը։

«Խորին շնորհակալութիւն մեր 700 անհատ նուիրատուներուն եւ կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ 15 հայկական համայնքներուն` վստահութեան եւ շարունակական աջակցութեան համար։ Համահայկական շարունակական աջակցութեան կրնաք մասնակցիլ մեր առցանց հարթակով՝ www.himnadram.org», – նշած է Արշամեան։