«Մարդիկ պէտք է փոխեն հարկ վճարելու նկատմամբ վերաբերմունքը». Փաշինեան
«Մենք շատ համարձակ որոշումների ենք գնալու առաջիկայում՝ սկսած գոյքահարկից վերջացրած հարկային միւս փոփոխութիւններով», - հարկային բարեփոխումներու հայեցակարգի վերաբերեալ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
«Այդ համարձակ որոշումների տրամաբանութիւնն ու նպատակը հետեւեալն է, որ պետական եկամուտները պէտք է աւելանան՝ այնպէս եւ այն տրամաբանութեամբ, որ տնտեսութեանը զարգանալու հնարաւորութիւն տան, որպէսզի յետագայում աւելի շատ աւելանան: Եւ մարդիկ պէտք է փոխեն հարկ վճարելու նկատմամբ վերաբերմունքը, որ այսօր կայ Հայաստանի Հանրապետութիւնում», - ըսած է Փաշինեանը:
Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Փաշինեանը նշած է, որ Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է համոզուած ըլլայ, որ ՀՀ-ի մէջ հաստատուած է կառավարութիւն, որ չի գողանար իրմէ եւ ընդհանրապէս որեւէ տեղէ չի գողանար, եւ ոչ միայն կառավարութիւնը, այլեւ ընդհանրապէս ողջ պետական համակարգը։
«Երկրորդը պետական կառավարման համակարգի պահպանման ծախսերի արդիւնաւէտութեան շարունակական բարձրացումն է, այսինքն՝ մենք պէտք է ամէն տարի համոզենք մեր քաղաքացիներին, որ իրենց վճարած գումարները ծախսում ենք նպատակային, արդիւնաւէտ եւ ճիշդ՝ ներառեալ, թէ ինչպէս են վճարւում պետական կառավարման համակարգի աշխատողները՝ սկսած պարգեւատրումներից, վերջացրած ընկերային այլ երաշխիքներով: Կարծում եմ՝ այսօր դրա համար անհրաժեշտ բոլոր քաղաքական պայմաններն ստեղծուել են 2019 թ. արդիւնքներով, որ մենք պէտք է ապահովենք նաեւ պետական կառավարման համակարգի աշխատողների բարձր վարձատրութիւնը՝ միեւնոյն ժամանակ երաշխաւորելով նրանց բարձր որակաւորումը», -ըսած է վարչապետը:
Քննարկուած են հարկերն անխուսափելիօրէն վճարելու մշակոյթի ամրապնդմանն ու տարածման, ըստ ոլորտներու հարկային արտօնութիւններու տրամադրման, եկամուտներու յայտարարագրման համակարգի ներդրման, հարկերու հաւաքման վերաբերող եւ շարք մը այլ հարցեր:
Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ ներկայացուած հայեցակարգը պէտք է դառնայ հարկային բարեփոխումներու ռազմավարութեան հենքը, եւ այն քննարկելու, լրամշակելու ժամանակ պէտք է խնդիրները դիտարկել երկարաժամկէտ լուծումներու, ինչպէս նաեւ միւս հայեցակարգային փաստաթուղթերու հետ փոխգործելիութեան ապահովման կտրուածքով: