«Ղարաբաղը Ատրպէյճան է». Ալիեւը արձագանգեց Փաշինեանի յայտարարութեան

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը Սոչիի մէջ արձագանգած է մէկ ամիս առաջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ըրած «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարութեան։
«Հայաստանը ինքը չի ճանչնար այդ ապօրինի կազմաւորումը, Ղարաբաղը պատմական ատրպէյճանական տարածք է, այնպէս որ Ղարաբաղը Ատրպէյճան է», - «Վալտայ» համաժողովին ունեցած ելոյթի ժամանակ ըսած է Ալիեւը։
Իր ելոյթին մէջ Ատրպէյճանի նախագահը, ի հարկէ, յիշատակած է նաեւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի նախօրէին ըրած յայտարարութիւնը այն մասին, թէ «Ղարաբաղը Հայաստան է» յայտարարութիւնը չի նպաստեր քաղաքական երկխօսութիւն սկսելու համար համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորման։ Ալիեւը ըսած է, որ Ռուսաստանն արդէն հնչեցուցած է համապատասխան գնահատականը Փաշինեանի յայտարարութեան։
Իլհամ Ալիեւը նաեւ անդրադարձած է Հայաստանի վարչապետի բազմիցս ըրած այն յայտարարութեան, որ ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորումը պէտք է ընդունելի ըլլայ թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդներու համար. «Չկայ այդպիսի գաղափար՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդ, կայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւն, որ մինչ հակամարտութիւնը կազմուած էր ատրպէյճանցիներէ եւ հայերէ, որոնք ունէին հաւասար իրաւունքներ»։