«Հայոց Ցեղասպանութիւնը ամբողջ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն է» Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի 24 Ապրիլի ուղերձը

Հայաստանը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կը համարէ համամարդկային օրակարգի հարց, որովհետեւ ապրիլի 24-ը ոչ միայն Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու խնկարկման օր է, այլ նաեւ մարդկութեան դէմ ուղղուած ծանրագոյն յանցագործութիւն։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, այս մասին Հայոց ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցի կապակցութեամբ իր ուղերձին մէջ ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
«Մենք երախտապարտ ենք բոլոր այն պետութիւններուն, միջազգային կառոյցներուն, հոգեւոր եւ աշխարհիկ առաջնորդներուն, որոնք իրենց համերաշխութիւնը կը յայտնեն հայ ժողովուրդին»,- ըսաւ ՀՀ վարչապետը:
Փաշինեանի խօսքով՝ տարիներ տեւած եւ պետական որոշումով իրականացուած ցեղասպանութեան հետեւանքով Արեւմտեան Հայաստանը ամբողջութեամբ հայաթափուեցաւ. 1.5 միլիոն մեր հայրենակիցներ ջարդուեցան, հարիւր հազարաւոր հայեր դարձան գաղթական, զրկուելով իրենց պատմական հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքէն:
«Հայոց Ցեղասպանութեան՝ Մեծ Եղեռնի հետեւանքով հայ ժողովուրդը ոչ միայն ահռելի մարդկային կորուստներ կրեց այլեւ ենթարկուեցաւ հայրենազրկման եւ մշակութային ջարդի: Անդառնալի էին մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ կրօնական ժառանգութեան կորուստները, հսկայական էին անոր նիւթական վնասները: Օսմանեան Կայսրութեան իշխանութիւններու իրականացուցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն մեր ժողովուրդի ինքնութեան, այլեւ ողջ մարդկային քաղաքակրթութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն էր: իսկ 1915 թուականի Ապրիլ 24-ը դարձաւ այս ողջ գործընթացի ամենաուժեղ խորհրդանիշը, որովհետեւ այդ օրը հարիւրաւոր հայ մտաւորականներ, կրօնական ու քաղաքական գործիչներ երիտթուրքերու կառավարութեան հրամանով ձերբակալուեցան, աքսորուեցան, սպաննուեցին կամ անհետ կորսուեցան: Արդէն 55 տարի Ապրիլ 24-ին մենք կ՝ոգեկոչենք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: առաջին անգամ 1965-ին էր, երբ հազարաւոր հայեր մայրաքաղաք Երեւանի մէջ այդ օրը յիշատակի զանգուածային ձեռնարկ իրականացնելու հնարաւորութիւն ստացան: Եւ ասիկա կապուած էր ոչ միայն Խորհրդային Միութեան «ջերմացման ժամանակաշրջան»-ին, այլեւ այն փաստին հետ, որ 1946-49 թուականներուն շուրջ հարիւր հազար հայեր, մասնաւորապէս Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յետնորդներ, հայրենադարձուեցան Հայաստան, դարձան Խորհրդային Հայաստանի լիարժէք մասը, բորբոքելով այստեղ անթեղուած ցաւը, յիշողութիւնը, կարօտը: Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնը Ապրիլ 24-ը Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր յայտարարելու եւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր կառուցելու որոշում կայացուց: Եւ այս վեհաշուք կոթողը դարձաւ մեր ժողովուրդի յաւէրժութեան ամենապերճախօս խորհրդանիշներէն մէկը»,- ընդգծեց ան: