«Լեռնային հանքարդունաբերութիւնը չարիք է» Բնապահպան կարինէ Դանիէլեան

2019-08-21
Image

 «Թերթ.ամ»-, «Հայաստանի պէս պզտիկ երկրի մը   համար լեռնային արդիւնաբերութիւնը չարիք է» մեկնաբանելով Ամուլսարի ոսկիի հանքի շահագործման  խնդիրը   այսպէս ըսած է   հայրենի յայտնի  բնապահպան Կարինէ Դանիէլեանը:

Փորձագէտը  ընդգծած է, որ որպէս «ապացոյց» ներկայացուած փորձաքննութիւնը ամբողջական եւ միանշանակ չէ: Ան նշած է, որ փաստացի փորձաքննութիւն չէ եղած, այլ ուսումնասիրուած են նախկին  հետազոտությունները «Լիդիան»-ի եւ բնապահպանության նախարարութեան կողմէ կատարուած: Սակայն այդ փորձաքննութիւնը նոյնիսկ չի խօսիր ռիսկերու բացակայութեան մասին:

«Իսկապէս, փորձաքննութիւնն այնպէս ներկայացուած է, որ ամէն ինչ կախուած է անկէ, թէ ով ինչպէս կը պատկերացնէ այն: Սակայն յայտնի է՝ առկայ թերութիւններով  հանքի շահագործումը անթույլատրելի է»,- նշած է Դանիելեանը:  

Անոր խօսքով՝ առաջարկուած պայմաններուն մէջ հանքի մշակումը յղի է  նոյինսկ տարածաշրջանային  մասշտաբի աղէտով: «Հայաստանի պէս պզտիկ երկիրի մը համար լեռնային արդիւնաբերութիւնը չարիք է: Նայեցէք Կապանի,Ալաւերտիի, Սոթքի  մէջ  այսպիսի գործունեութեան արդիւնքները, Մասրիկ գետին մէջ ծանր մետաղներու մեծ քանակութիւնը»,-պնդած է  ան։