«Ես պատրաստ եմ պատասխանատւութիւն կրել» Ալէն Սիմոնեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց երէկուան միջադէպին մասին

ֆեյսպուքեան ուղիղ եթերով ԱԺ փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեանն անդրարձած է իր եւ Արթուր Դանիէլեանի մասնակցութեամբ միջադէպին։ Սիմոնեանը պատմած է, որ Դանիէլեանին փողոցը պատահաբար հանդիպած է, վերջինս երկար նայած է իր ուղղութեամբ, որուն ի պատասխան ան բարեւած է Արթուրին։
«Ես ըսի բարեւ Արթուր, որուն ի պատասխան ես ներողութիւն կը խնդրեմ, լսեցի բարեւ ..., ներողութիւն կը խնդրեմ, բայց կ'ուզեմ ըլլալ անկեղծ եւ պատմել գրեթէ ամէն ինչ։ Ես մոտեցայ եւ ըսի, որ նոյն կարծիքն ունիմ իր մասին եւ գլուխով հարուածեցի քիթին։ Կը կարծեմ, իւրաքանչիւր մարդ, որ հիմա կը դիտէ, իւրաքանչիւր երիտասարդ, չի կրնար ըսել, թէ թերեւս ճիշդ էր այլ կերպ վարուիլը»,- պատմած է Սիմոնեան։ Ալեն Սիմոնեան, աւելցնելով, որ անկախ այն հանգամանքէն, որ ինքը պետական պաշտօնեայ է, չի կրնար թոյլ տալ, որ փողոցը քալող որեւէ մէկը իրեն բարեւ տուողին սեռական բնոյթի հայհոյանք տայ։
Սիմոնեանը պատմած է, որ հարուածին յաջորդած է փոքր ծեծկռտուք։ Սիմոնեանի խօսքով, Դանիէլեանի հետ գտնուող երկու անձինք եւս հարուածած են իրեն եւ ծեծկռտուք եղած է, որուն միջամտած են փողոցը քալող մարդիկ, եւ երեք անձինք հեռացած են տարածքէն։
«Ես պատրաստ եմ պատասխանատւութիւն կրելու իմ արարքի համար, եթէ սխալ վարուած են, թէեւ այն քայլերը, որոնք ես ըրած եմ, կը գնահատեմ որպէս ինքնապաշտպանութիւն»,- ըսած է Սիմոնեանը։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապի եւ լրատւութեան վարչութենէն յայտնած էին, որ ԱԺ փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեանի եւ «Ադեկվադ» շարժման համահիմնադիր Արթուր Դանիէլեանի միջեւ տեղի ունեցած միջադէպի գործով բերման ենթարկուած է 2 անձ, որոնք ազատ արձակուած են Ալեն Սիմոնեանը յիշեցուցած է նաեւ տարիներ առաջ իր եւ Արթուր Դանիէլեանի միջեւ տեղի ունեցած միջադէպի մասին։