«Բնապահպանական ամենաբարձր չափանիշերով» Փաշինեանի կառավարութիւնը դէմ չէ Ամուլսարի շահագործման
Image

«Ազատութիւն», «Ռամկավար Մամուլ»ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ իր հերթական ուղիղ սփռումով հանդէս գալով յայտարարեց, որ «կառավարութիւնը հակուած է արտօնել Ամուլսարի շահագործումը»։ Վարչապետը շուրջ 1 ժամ 17 վայրկեան տեւած ֆէյսպուքեան ուղիղ հեռարձակման աւարտին յայտարարած է, որ նպատակայարմար կը համարէ թոյլ տալ շահագործել Ամուլսարի հանքը:
«Մեր կառավարութեան, պետութեան, ժողովուրդի, երկրի շահերից է, որ մենք օրինական, մեր կողմից առաջադրուած պայմանը եւ ժողովրդի վստահութեան քուէն ստացած պայմանը բաւարարենք այսինքն՝ հնարաւորութիւն տանք, որպէսզի Ամուլսարի հանքը շահագործուի», - յայտարարած է Փաշինեանը՝ նշելով, որ այդ եզրակացութեանն հասած է այս պահու դրութեամբ իր մօտ առկայ տեղեկատւութեամբ:
Հեռարձակման ընթացքին ներկայացնելով Ամուլսարի ոսկիի հանքի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի ողջ նախապատմութիւնը, իրեն ներկայացուած փաստերը, փորձագիտական գնահատականները եւ յիշեցնելով անցեալին իր ըրած յայտարարութիւնները եւ գնահատականները, Փաշինեանը վստահեցուցած է, որ այս պահու դրութեամբ կառավարութեան ունեցած տեղեկատւութիւնը յստակ է՝ հանքի շահագործումը չի վնասեր Սեւանին եւ Ջերմուկին:
«Եւ ասում եմ՝ չվնասել ասելով նկատի չունենք, որ՝ 10 լիթր ջուր աղտոտուած պէտք է լցուէր Սեւանի մէջ, գոնէ ընենց անենք, որ 1 -1,5 լիթր կամ 20 կրամ լցուի: Ոչ մի լիթր աղտոտուած ջուր: Եւ աղտոտուածութեան բնապահպանական ամենաբարձր չափանիշերով պէտք է աշխատի: Եւ մեր եզրակացութիւնը, մեր ընթացակարգերով եզրակացութիւնը այսպիսին է», - նշած է վարչապետը:
«Եւ եթէ տեսականօրէն ի յայտ կը գայ տեղեկատւութիւն, որը իմ այս գնահատականը գլխիվայր կը շրջի՝ ես ոչ մի բանով կաշկանդուած չեմ», - ըսած է Փաշինեան։
Յիշեցնենք, որ վարչապետ Փաշինեանի ելոյթը տեղի կ՚ունենար Ամուլսարի հարցով տեղի ունեցած բողոքի հաւաքներով լեցուն օրուան մը աւարտին։