«Բարգաւաճ Հայաստանը» դիմում ուղարկած է Սահմանադրական դատարան

ԱԺ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը դիմած է Սահմանադրական դատարան՝ վիճարկելով «Իմ քայլը» խմբակցութեան ընդունած Սահմանադրական փոփոխութեան օրէնքը։ Այս մասին իր ֆեյսպուքեան էջին գրած է «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արման Աբովեանը։
«Յարգելի հայրենակիցներ, որպէս ԱԺ ԲՀԿ խմբակցութեան քարտուղար կ'ուզեմ տեղեկացնել, որ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան իմ գործընկերները, ես եւ անկախ պատգամաւոր Տիգրան Ուրիխանեանը օրէնքով սահմանուած ժամկէտի մէջ ՀՀ Սահմանադրական դատարան ուղարկեցինք Սահմանադրական դատարանին ուղղուած դիմումը»,– գրած է ան: