«Ատրպէյճանը կը շարունակէ մնալ Արցախի ժողովուրդի գոյութեան հիմնական  սպառնալիք» Զոհրապ  Մնացականեան

2019-08-28
Image

Ատրպէյճանի կողմէ ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը խախտելու փորձերը, որոնք մինչեւ օրս արտայայտուած են նաեւ ուժի կիրառումով, տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան սպառնալիք են: Այս մասին, 27 Օգոստոսին, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեանը յայտարարեց  ՀՀ ԱԳՆ կեդրոնական մարմնի եւ արտերկրի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հետ հաւաքի ընթացքին:

«Հայաստանը հանդէս կու գայ Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման դիրքերէն, սակայն չի կրնար ընդունել Ատրպէյճանի կողմէն բացայայտ կամ քօղարկուած ուժի կիրառումի սպառնալիքները, եւ հրադադարի ռեժիմը պայմանական դարձնելու որեւէ նկրտում: Լարուածութեան պայմաններուն մէջ բանակցութիւններ վարելու Ատրպէյճանի ջանքերը կը խոչընդոտեն խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ձեւաւորման, եւ ըստ այդմ, չեն նպաստեր հիմնախնդրին տեւական եւ համապարփակ կարգաւորման: Ատրպէյճանն իր անփոփոխ հայատեաց քաղաքականութեամբ կը շարունակէ մնալ Արցախի ժողովուրդի գոյութեան սպառնալիքը: Խաղաղութիւնը այլընտրանք չունի, եւ ՀՀ-ն եւ Արցախը ունին բաւարար ուժ՝ խաղաղութեան ապահովման համար»,- նշեց Մնացականեանը: