«Այս պահու դրութեամբ Ամուլսարի օգտագործումը արգիլելու հիմքեր չունինք» Փաշինեան խօսեցաւ Ամուլսարի մասին

«Առնուազն այս պահի դրութեամբ մենք չունինք Ամուլսարի հանքի շահագործումը արգիլելու որեւէ իրաւական հիմնաւորում», - ֆէյսպուքեան միացմամբ յայտարարած է վարչապետ Փաշինեանը եւ խնդրած է ջերմուկցիներէն բանալ հանք տանող ճանապարհը:
«Կը խնդրեմ ապաշրջափակել Ամուլսարի հանք տանող ճանապարհները եւ այդ մասին կը բերեմ վերջին փաստարկը: Որովհետեւ դուք այդ ճանապարհները փակելու անհրաժեշտութիւն չունիք, որովհետեւ դուք ունիք կառավարութիւն, որ, եթէ տեսնէ, որ այդ ճանապարհները փակելու անհրաժեշտութիւն կայ, ինքը իր լծակներով, օրէնքով իրեն վերապահուած լիազօրութիւններով կ'երթայ, ճանապարհն ալ կը փակէ, մնացած ամէն ինչն ալ կը փակի», - յայտարարած է վարչապետը:
Փաշինեանը շեշտած է, որ հաշուի կ'առնուին հանրային անհանգստութիւնները, բայց նաեւ՝ տնտեսագէտներու անհանգստութիւնները. - «Մենք չենք կրնար հաշուի չնստիլ նաեւ տնտեսական հանրութեան մտահոգութիւններուն հետ, թէ՝ եթէ մենք այս հարցի վերաբերեալ ճիշդ մօտեցում չցուցաբերենք, ինչ հետեւանքներ այդ կրնայ ունենալ Հայաստանի ընդհանուր տնտեսութեան համար»:
Վերջին օրերուն վարչապետ Փաշինեանը հանդիպումներ ունեցած է «Լիտիան»-ի ներկայացուցիչներու հետ, ստացած հաւաստիացումներ, թէ հանքի շահագործումը անվտանգ է 100 տոկոսով:
«Եւ ես ըսի՝ բայց մենք կը հասկնանք, չէ՞, որ եթէ այս ըսուածերէն շեղումներ ըլլան, Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ կը բխին որոշակի գործողութիւններ, որ այդ շեղումներու պարագային 90 օր ժամանակ կը տրուի շեղումը վերացնելու համար: Եթէ չի վերացուի, հանքը կը փակուի, եւ որեւէ մէկը որեւէ վերապահում չի կրնար ներկայացնել: Սա արձանագրենք եւ պատկերացնենք»:
Վարչապետը շեշտած է, որ եթէ այսքանէն ետք մենք ըսենք վտանգներ կը տեսնենք եւ արգիլենք հանքի շահագործումը, հարցեր պիտի առաջանան միջազգային ասպարէզի մէջ, թէ այդ պարագային ինչպէ՞ս կը թոյլատրուին Զանգեզուրի, Թեղուտի հանքերը. - «Մենք կրնանք ունենալ միջազգայնօրէն շատ լուրջ խնդիր, երբ որ յանկարծ պարզուի, կամ մեր գործած սխալներու հետեւանքով ստացուի, որ մենք կը ցուցաբերենք խտրական մօտեցումներ»:
Եւս մէկ ռիսք, ըստ Փաշինեանի, «Մուտիս»-ը վերջերս բարձրացուցած է Հայաստանի վարկանիշը, ինչը կը նշանակէ Հայաստան մտնող աժան փող ու վարկ: Այդ վարկանիշը կրնայ երերալ. - «Ունինք որոշակի ազդակներ, որոնք կը վկայեն, որ եթէ մենք այս իրավիճակը ճշգրիտ չկառավարենք, այս իրավիճակին ճշգրիտ պետական մօտեցում չցուցաբերենք, ապա այդ կրնայ յանգեցնել Հայաստանի վարկանիշի վատթարացման»:
Վարչապետը հանքի ճանապարհը բանաելու խնդրանքը ջերմուկցիներուն ուղղեց քանի մը անգամ. - «Եթէ այսօր ճանապարհները բացուին Ամուլսարի հանքի, այնտեղ շինարարութիւնը պիտի չսկսի առնուազն մինչեւ 2020 թուականի ապրիլ ամիսը»: