«Ամուլսար»ի հարց. Ըստ Վարչապետ Փաշինեանի նոր քննարկումներու կարիք կայ

«Էլարդ»-ի փորձագետներու հետ տեղի ունեցած Skype-խորհրդակցութեան ընթացքին ի յայտ եկած են շարք մը նոր հանգամանքներ, որոնք քննութեան եւ գնահատման կարիք ունին: Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրառում կատարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
«Երէկուան քննարկումը նաեւ կարեւոր տեղեկատուութիւն կը պարունակէր՝ պատասխանելու համար հարցին, թէ արդեօ՞ք Ամուլսարի ոսկիի հանքի նախագիծը նոր Շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան գնահատում «ՇՄԱԳ» անցնելու կարիք ունի: Յիշեցնենք, որ Շրջակայ միջավայրի նախարարութիւնը պէտք է եզրակացութիւն տայ մինչեւ 4 Սեպտեմբերը: Ստորեւ, ինչպէս խոստացած էի, ներկայացուած է երէկուան քննարկումը ամբողջութեամբ»,- գրած է ՀՀ վարչապետը՝ կից ներկայացնելով «Էլարդ»-ի փորձագետներու հետ տեսախորհրդակցութեան ընթացքին տեղի ունեցած քննարկման տեսանիւթը: