«Ամուլսար»ի խնդրով Վարչապետ Փաշինեան կարեւոր յայտարարութիւն պիտի կատարէ

2019-08-19
Image

«Ռամկավար Մամուլ», «Նիւզ.ամ»- Եթէ Ամուլսարի հանքի շահագործման հարցով կառավարութեան որոշումը դրական ըլլայ, ապա ջերմուկցիները պիտի շարունակեն փակել դէպի հանք տանող ճամփաները: Այս մասին յայտարարեցին Բաղրամեան պողոտայի վրայ բողոքի ցոյց ընող Ջերմուկի բնակիչները:

«Եթէ որոշում ընդունուի հանքը շահագործելու, կը պատրաստուինք փակել հանք տանող բոլոր ճամփաները: Չպիտի ձգեմ թոռնիկերս հաշմանդամ ըլլան: 14 հոգի տունէն եկած ենք պաշտպանելու մեր սարը, որ մեր զաւակները վաղը-միւս օր մաքուր օդ շնչեն: Եթէ վարչապետը մերժած է Սերժին, ուրեմն պիտի մերժէ Սերժին կողմէն եկած բոլոր բացասական ծրագիրները: Այդ չպէտք է ըլլայ քննարկման ենթակայ»,- ըստ «Նիւզ.ամ» կայքին ըսած է ցոյցի մասնակիցներէն մէկը:

Յիշեցնենք, որ այսօր աւելի վաղ վարչապետ Փաշինեան հանդիպում ունեցած էր մեծ թիւով բնապահպաններու հետ ու անոնց հետ քննարկած «Ամուլսար»ի խնդրի վերջին զարգացումները։ Վարչապետը հանդիպումէն ետք դիմատետրի իր էջին գրառում մը կատարելով նշած էր, որ «Ամուլսար»ի հարցով իր եզրակացութիւնները պիտի յայտնէ այսօր աւելի ուշ։