Հայաստան  կը  պատրաստուի    ուսումնական  տարեմուտի

2019-08-28
Image

Հակառակ  անոր, որ  այս  տարի    1 սեպտեմբերը  կը զուգադիպի   կիրակի     օրուան   Հայաստանի   բոլոր դպրոցներուն  մէջ   պիտի նշուի   «Գիտելիքի օր»ը։

Այս  մասին  յայտարարութեամբ  հանդէս  եկած է   ՀՀ    Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութիւնը։

 Նոյն   օրակարգին մասին խօսած է   ՀՀ Կրթութեան  եւ Գիտութեան  հանրակրթութեան վարչութեան պետ Աշոտ Արշակեանը, որ մասնաւորապէս ըսած է ՝

«Այդ  օրը  (նկատի  ունի 1   սեպտեմբերը ,  խմբ.՝   «Ռամկավար Մամուլ») տօն է, սեպտեմբեր 1-ը Գիտելիքի օրն է: Իւրաքանչիւր դպրոց  ինքնուրոյն   կերպով  կը կազմակերպէ տօնական միջոցառումը, եւ թէպէտ կիրակի է, բայց միջոցառումի օր է»։

Արշակեան  նաեւ ըսած է,  որ պատասխանեց՝ ուսումնական ծրագիրը  փոփոխութիւններու չէ ենթարկուած եւ  դասագիրքերուն մէկ մասը պիտի ըլլայ    վերահրատարուած։

 Արշակեան նաեւ նշած է,  որ   կարեւոր  քայլեր կ՚առնուին, որպէս    աշակերտներուն   ամէնօրեայ  օգտագործման գիրքերու   քանակը նուազի   հետեւաբար  աշակերտներուն պայուսակը  թեթեւնայ։   Արշակեան   նաեւ    վստահեցուցած է, որ  պատմութեան դասագրքերու հետ կապուած որեւէ խնդիր չկայ. եթէ վերահրատարակման ժամկետը լրացած է, ապա  դասագիրքը պիտի վերահրատարակուի։