Վարչապետ Փաշինեան կարեւորեց Արցախի մէջ ընտրութիւններ կայացնելու հարցը

«Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնների միջեւ որոշակի հարցերում կայ անհամաձայնութիւն, եւ այն վերացնելու լաւագոյն միջոցը գալիք տարի Արցախում սպասուող խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններն են», - Փարիզի մէջ լոյս տեսնող Nouvelle d'Arménie պարբերականին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
Լրագրողի հարցին, թէ Արցախի հետ յարաբերութիւններու սառեցում կը նկատուի, որո՞նք են տարաձայնութեան կէտերը, Հայաստանի վարչապետը պատասխանած է․ - «Կարծում եմ, ճիշդ չէ ասել, թէ Արցախի հետ մեր յարաբերութիւնները սառել են, քանի որ ամէն օր տասնեակ պաշտօնեաներ մշտական կապի մէջ են, աշխատում են միասին։ Պէտք է յստակ ասել իրերը․Արցախի իշխանութիւնները երկար աշխատել են նախորդ կառավարութեան հետ՝ բոլոր հետեւանքներով, որ դա կարող էր ունենալ։ Այսօր Հայաստանում նոր իշխանութիւն է, եւ, բնական է, որոշակի հարցերում կայ անհամաձայնութիւն։ Անհրաժեշտ է գործել այդ անհամաձայնութիւնները վերացնելու համար։ Լաւագոյն միջոցը դրան հասնելու՝ եկող տարի սպասուող խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններն են Արցախում։ Այդ ընտրութիւնների արդիւնքում, որոնք կը լինեն ազատ եւ ժողովրդավարական, այդ անհամաձայնութիւնները դուրս կը գան»։