ՀՀ  ԱԱԾ Պետ  Արթուր Վանեցեան  հրաժարական տուաւ

2019-09-16
Image

ՀՀ Ազգային  Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ)   պետ Արթուր Վանեցեան  այսօր հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։

 

 Վանէցեան   այս  մասին   դիմատետրի իր էջով  գրառում մը կատարեց   մասնաւորապէս գրելով ՝

 

 

«Սիրելի′ հայրենակիցներ,

 

ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պատուարժա′ն զինծառայողներ,

 

Կը յայտնեմ ձեզի, որ ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնէն հրաժարականի դիմում ներկայացնելու որոշում կայացուցած եմ: Նման որոշումը ստեղծուած իրավիճակին եւ գալիքի պարունակին մէջ կը համարեմ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ իմ ժողովուրդին ծառայելու ամենանախընտրելի եւ ամենահիմնաւորուած տարբերակը:

 

Այս որոշումը ես կայացուցած եմ նոյնքան վստահ, որքան այն մէկը, երբ մեր երկրի համար բախտորոշ փուլին համաձայնեցայ ստանձնելու Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնը: Մէկուկէս տարուան իմ գործունէութիւնը միշտ բոլորիդ աչքի առջեւ եղած է, եւ ամէն քայլ ըրած եմ մէկ սկզբունքով` Հայրենիքն ու սպայի պատիւը վեր են ամէն ինչէն:

 

Պետականաշինութիւնը իր տրամաբանութիւնը ունի․ որոշումներու տարերայնութիւնը, գործողութիւններու հախուռնութիւնը, առաջնայինը երկրորդականէն, իսկ անցողիկը մնայունէն չտարբերելու գործելաոճը այն ճանապարհը չէ, որ կը տանի դէպի նպատակներու իրականացում: Այն ընդհանուր ոչինչ ունի սպայի արժանապատւութեան հետ. սպայի ուսադիրն ու զարգացումներու նման ընթացքը անհամատեղելի են: Իմ հրաժարականը թող ըլլայ «Կանգ ա′ռ»-ի սթափեցնող քայլ, մնացած բոլոր տարբերակներուն պիտի յաղթէ հայրենիքի հանդէպ պարտքը:

 

Խաղաղութիւն ու անվտանգութիւն մեր երկրին:

 

Պատիւ ունիմ»։

Վանեցեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնը կը զբաղեցնէր 10 մայիս 2018-էն  սկսեալ :

 

 

 Յիշեցնենք, որ  աւելի վաղ     ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ   կու տար   բազմաբովանդակ  թեմաներով մամլոյ ասուլիս մը  անդրադարձած էր     Վանեցեանի հրաժարման թեմային    նշելով, որ ինք ստորագրած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի աշխատանքէն ազատելու միջնորդագիրը: