Արտեմ Փաթափութեան կ'արժանանայ Նոպէլեան մրցանակի

2021-10-04
Image

Այսօր՝ 4 Հոկտեմբեր 2021-ին, տրուեցաւ  Բնախօսութեան (Physiology) եւ Բժշկութեան 2021-ի Նոպէլեան մրցանակը, որուն միասնաբար արժանացան Արտեմ Փաթափութեան եւ Տէյվիտ Ճուլիըս, ԱՄՆ-էն: Այս մասին յայտարարուեցաւ Սթոքհոլմի մէջ հեռակապով կայացած Նոպէլի Ընդհանուր Ժողովին կողմէ։

Փրոֆ. Դոկտոր Արտեմ Փաթափութեան իր գործընկեր Տէյվիտ Ճուլիըս հետ Նոպէլեան մրցանակը ստացան իրենց «ջերմաստիճանի եւ հպման ընկալիչներու յայտնաբերումին» համար, ուր սպառիչ կերպով ուսումնասիրած են՝ թէ մարդկային ջղային համակարգը ինչպէս կը հակազդէ տաք, պաղ եւ մեքենական խթանումներուն:

Նշենք, որ դոկտ. փրոֆ. Արտեմ Փաթափութեան, որ ծնած է 1967-ին, Պէյրութ, արժանաւոր զաւակն է արմատներով հաճընցի, յայտնի մտաւորական, արձակագիր ընկ. Սարգիս Վահագնի (Փաթափութեան) եւ վաստակաշատ, երկարամեայ դաստիարակ, տնօրէնուհի ընկ. Հայկուհի Աճէմեան Փաթափութեանի, որոնք երկուքն ալ երկարամեայ եւ վաստակաւոր անդամներ են Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան:

Հայաշունչ յարկի տակ հասակ առած, հայեցի դաստիարակութիւն ստացած, ազգային-գաղափարական շունչով սերունդներ դաստիրակած ծնողներու արժանաւոր զաւակ, պատանի Արտեմը Լիբանանի ներքաղաքացիական պատերազմին պատճառով ընտանիքին հետ փոխադրուած է Լոս Անճելըս, ուր իր պսակաւորի աստիճանը ստացած է Հարաւային Քալիֆորնիայի Համալսարանէն (Եու Սի Էլ Է), իսկ դոկտորականը՝ հռչակաւոր ՔԱԼԹԷՔ համալսարանէն:

1982-էն ի վեր կը ղեկավարէ Սքրիբս (SCRIPPS) գիտական մեծ հաստատութեան «Փաթափութեան փորձագիտական Տարրալուծարան»ը։

Ան կենսաբանութեան դոկտորական ստացած է 1996-ին, Քալիֆորնիոյ մէջ:

Ամուսնացած է եւ ունի մանչ զաւակ մը:

2017-ին գիտնական դոկտ. Արտեմ Փաթափութեան ընտրուած է Միացեալ Նահանգներու հեղինակաւոր Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ անդամ, իր հետազօտութեանց մէջ շօշափելի եւ շարունակական իրագործումներուն շնորհիւ։

Ան «Սքրիփս» հետազօտական հիմնարկի ուսումնասիրողներէն է եւ ջղագիտութեան բաժանմունքի դասախօսներէն մէկն է. նաեւ, 2017-ին, ան նշեալ ակադեմիոյ 84 նոր անդամներէն մին  հանդիսացաւ։

Նշենք որ Արտեմ Փաթափութեան 27 Մայիս 2020-ին, Նիւ Եորքի մէջ, Գիտութեան Համաշխարհային փառատօնին ընթացքին արժանացած էր գիտութեան բնագաւառի հեղինակաւոր «ՔԱՎԼԻ» մրցանակին, տրուած՝ Նորվեկ Արքայական Գիտութեանց Ակադեմիայի կողմէ, անոր, ջղային դրութեանց, մարդկային մարմիններու ճնշման եւ շփումներու զգացողութեան, ազդեցութիւնը սրտի եւ այլ մարդկային գործարաններու բջիջներուն վրայ իր նորայայտ տեսութիւններու գիւտարարութեան առ ի գնահատական: