Մէկ օրուան մէջ շուրջ 770 հայորդի վերադարձած են Լեռնային Ղարաբաղ գտնուող իրենց տուները

2020-12-08
Image

Ռուս խաղաղապահները ուղեկցած են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձող արցախցիներու հերթական հանրակառքերուն: Այս մասին կը հաղորդէ ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Երեւանէն Ստեփանակերտ հանրակառքերով մէկ օրուան մէջ մեկնած է 778 մարդ: Հանրակառքերու փոխադրութիւնը իրականացուած է ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի եւ ռազմական ոստիկանութեան պարեկներու ուղեկցութեամբ:

Ռուս խաղաղապահներու կողմէ կ'իրականացուի իրավիճակի շուրջօրեայ դիտարկում եւ վերահսկողութիւն՝ հրադադարի ռեժիմի պահպանման նկատմամբ քսանչորս դիտակէտերէ:

Ընդհանուր առմամբ Լեռնային Ղարաբաղ մշտական բնակութեան վայրեր վերադարձած են շուրջ 34 հազար 500 տարհանուածներ։