Գոյժ՝ Ոչ Եւս Է Ազգային Բարերար Նազար Նազարեան

2023-08-31
Image

Խոր ցաւով տեղեկացանք թէ Օգոստոս 28-ին, Նիւ Ճըրզիի մէջ (Մ. Նահանգներ) մահացած է ազգային բարերար, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ամենաջերմ համակիրներէն Տիար Նազար Նազարեան, իր 98 տարեկան հասակին։

Ծնած էր Հալէպ, Սուրիա, որդին Լեւոն եւ Սաթենիկ Նազարեաններու, որոնք սիւներէն էին տեղւոյն հայկական համայնքին։ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն դեղագործութեան Պսակաւորի տիտղոսով վկայուելէ ետք, ան 1950-ական թուականներու սկիզբը տեղափոխուած էր Միացեալ Նահանգներ, ուր հանդիպած էր իր կեանքի սիրոյն՝ Արտեմիս Թոփճեանին, որուն հետ ալ կնքած էր բացառիկ կերպով երջանիկ ամուսնութիւն մը։ Առեւտրական այլազան նախաձեռնութիւններու մէջ իրենց արձանագրած փայլուն յաջողութիւնները խթան հանդիսացած էին որ Նազարեանները կատարեն բազմաթիւ եւ շարունակական մեծագումար նուիրատուութիւններ ոչ միայն Նիւ Եորք- Նիւ Ճըրզիի շրջանի հայկական համայնքէն ներս, ուր ընտանեօք կը բնակէին եւ կը գործէին, այլ նաեւ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի, Հարաւային Ամերիկայի, Լիբանանի , Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։

Նազար Նազարեանի նուիրումը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կու գար ընտանեկան խոր արմատներէ։ Ան լիովին կը հաւատար միութեան ազգային առաքելութեան։ Երբեք պատահական չէր որ ան 1978-էն մինչեւ 2007 մաս կը կազմէր ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովին, պարբերաբար վարելով փոխ-նախագահի եւ գանձապահի պաշտօնները – ի վերջոյ արժանանալով Կեդրոնական Վարչական Ժողովի Պատուոյ Անդամի կոչումին։

Համոզուած ըլլալով որ մեր նոր սերունդի բարօրութեան համար պէտք է ըլլար ամէն զոհողութիւն, Նազար եւ Արտեմիս Նազարեաններ, իրենց անհամար նուիրատուութիւններով կառուցեցին համայնքային կեդրոններ, ստեղծեցին կրթաթոշակի հիմնադրամներ եւ հետեւողական կերպով կատարուած մեծագումար նուիրատուութիւններով սատար հանդիսացան Պէյրութի Լեւոն եւ Սաթենիկ Նազարեան վարժարանին, Նիւ Ճըրզիի Լեւոն նազարեան Սրահին, Նիւ Եորքի Նազարեան Կեդրոնին եւ Նուպար Ջամբարին, ՀԲԸՄ-ի Քալիֆորնիոյ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի Արտեմիս Նազարեան Մանկամսուրին, Պուէնոս Այրէսի Նազարեան Սրահին, որոնցմէ ներս տասնեակ հազարաւոր հայ փոքրիկներ եւ պատանիներ ստացած են հոգատարութիւն, խնամք, կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն։

1998-ին, իր եղբօր Նուպարի յիշատակին Նազարի Լիբանանի մէջ կառուցած շքեղ շէնքը, սկիզբէն ի վեր կը ծառայէ իբրեւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն։ 2000-ին Հայաստանի Լեւոն եւ Քլոտիա նազարեան ճառագայթումներու Կեդրոնէն ներս, Նազար Նազարեանի իշխանական նուիրատուութեամբ հիմնուեցաւ գեր-ձայնային սարքաւորումներ եւ գերարդիական բաժանմունքը, որուն շնորհիւ ցարդ փրկուած են բազմահազար կեանքեր; Նազարեաններու նուիրատուութիւններով գեր-ձայնային սարքերով օժտուած են նաեւ բազմաթիւ այլ հիւանդանոցներ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի տարածքին։ Նազարեաններու բացառիկ առատաձեռն նուիրատուութեամբ կեանքի կոչուած է նաեւ ՀԲԸՄ-ի Երեւանի Նազար եւ Արտեմիս Նազարեան շքեղ Կեդրոնը, որ կ’ընդգրկէ 5000 քառակուսի մեթր գրասենեակային տարածք։

Նազարեան ամոլը յաճախակի մեծագումար նուիրատուութիւններ կատարած է նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ հայկական բազմաթիւ այլ կազմակերպութիւններու կամ հաստատութիւններու;

Նազար Նազարեանի մահուան տխուր առիթով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր դստեր Սեդային, որդիին եւ անոր տիկնոջ՝ Լեւոնին եւ Քլոտիային եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն։ Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւն